տունը, ծուխը, ապուրը
ծաղիկ է, գարո՜ւն է… խնձոր է, ամա՛ռ է… կարմիր, դեղին տերեւ է, աշո՜ւն է… ծաղիկ չկա՛յ, խնձոր չկա՛յ, տերեւ չկա՛յ, ծիտիկ չկա՛յ, ձմե՜ռ է… մէկ երկու, մշի՜կ մշիկ կը քնանաս, երեք չորս, կուկուլիկո՜ւ կ՚արթննաս, հինգ վեց, դուռը կը բանաս, եօթը ութը, ո՞ւր կ՚երթաս, ինը տասը, դպրո՜ց… տունը, նո՛յնը, միեւնո՛յնը… տունը, նոյնը, միեւնո՞յնը… ծխնելոյզէն ծուխ կ՚ելլէ, […]
Տարեդարձը
Եկէ՛ք, կարկանդա՛կ մը թխենք եւ տօնենք, բայց արդեօք որո՞ւն տարեդարձն է։ Անո՛ր, որ առաջինը կը փչէ ու կը մարէ մոմերը։ Քանի՞ մոմ…
Տրտունջը
Խխունջիկը՝ Խուճկուլուլուն տոտիկ չունի, անձրեւին տակ տրտո՜ւմ տխուր կը թափառի… Բայց տասնվեց տոտիկներով Թութուպա թրթուրը, մի՛շտ օգնութեան կը հասնի։ Նայինք այս անգամ ի՛նչ պիտի ընէ իր վաղեմի ընկերոջ համար։
Տաք ապուրը
ժամացոյցը երկու սլաք, թիք թաք, թիք թիք թաք… Ոսպապուրը շատ տաք, փուֆ փուֆ, շատ շատ տաք, փուֆ փուֆ փուֆ… Աթոռակը տախտակ, ախ ախ, չոր տախտակ, վախ վախ վախ… Վրան նստողը հրեշտակ, թաթիկները մուշտակ, մատիկները մանուշակ, իրեն տուէք հրուշակ… ժամացոյցը երկու սլաք, թիք թաք, թիք թիք թաք… Թանապուրը շատ տաք, փուֆ փուֆ, շատ շատ տաք, փուֆ […]
Տաղ ու խաղ
Հորիզոնին նա՛ւ մը տեսայ… Նաւուն վրայ սիրուն պոչով սիրամա՛րգ մը կայ… Հորիզոնին նա՛ւ մը տեսայ… Նաւուն վրայ երկու սագ եւ… սիրուն պոչով մէ՛կ սիրամարգ… Հորիզոնին նա՛ւ մը տեսայ… Նաւուն վրայ երեք կարապ, երկու սագ եւ… սիրուն պոչով մէ՛կ սիրամարգ… Հորիզոնին նա՛ւ մը տեսայ… Նաւուն վրայ չորս ջայլամ, երեք կարապ, երկու սագ եւ… սիրուն պոչով մէ՛կ […]
Տիեզերքը եւ երկիրը
Տերեւներու դասաւորում
Տաք եւ պաղ
Տունը
Տարոսիկ
Տարոսիկին հետ հեքիաթները, երգերը, խաղերը եւ խօսքերը իրար կը կապուին։ Պատմութիւնները կը միանան երգերուն եւ ունկնդիրներուն կը հրամցնեն աւանդական եւ ժամանակակից երաժշտական եւ լեզուային հասկացողութեամբ հարուստ մշակութային աշխարհ մը։ Երգ ու լեզու իրար կապող ծրագիր մը, Տարոսիկը իր գիրքով եւ խտասալիկով կ՚ընդգրկէ նոր երգերու յօրինում եւ աւանդական երգերու ու խաղերու նոր մեկնաբանութիւն։ Տարոսիկ գիրքը թերթելով եւ խտասալիկը […]