մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

րուրի րուրի

գարուն, ամառ, աշուն, շշշշ… ձմե՜ռ… մէկ ոչխար, երկու ոչխար, երեք ոչխար… երեքէն ետք, չո՛րսը կու գայ… մէկ ոչխար, երկու ոչխար, երեք ոչխար, չորս ոչխար… չորսէն ետք, գա՛յլը կու գայ… վա՜յ… ո՛չ, ո՛չ, չորսէն ետք, քո՛ւնս կու գայ… անո՜ւշ քուն, ոսկի՛ երազ, բո՛ւրդ բո՛ւրդ վերմակին տակ… լուսի՛ն, լուսի՛ն, օրօրէ՜… փայլո՛ւն աստղիկ, օրօ՛ր երգէ… մուկը ծակը, ձուկը […]

Րուրի

Րուրի խտասալիկը իր ութ օրօրներով ունկնդիրները կը հրաւիրէ լոյսերը թեթեւցնելու եւ անցնելու այս մեղեդիներուն գիրկը։ Ժողովրդական օրօրները թէ՛ մեծերուն եւ թէ՛ երեխաներուն համար պիտի ըլլան փրկութիւն առօրեայ աղմուկէն եւ տաղտուկէն։ Օրօրները կու գան զանազան վայրերէ՝ Ակն, Արմտան, Էվերեկ, Բինկէն, եւ այլ գիւղերէ եւ քաղաքներէ, ուրեմն իրենց հետ նաեւ այս վայրերուն բարբառները կու գան 21-րդ դար […]