Պարոն Նիկողոս՝
փողկապը կապած
եւ
երկար,
փայտէ կոթով,
կանանչ հովանոցը բռնած,
միայնակ այն ծերունին է,
որ օր մը՝ անպայման,
պատահաբար պիտի հանդիպի ընթերցողին
թաղին մէջ,
փողոցին ծայրը
կամ աւելի անդին՝
եկեղեցին…
Պարոն Նիկողոս
իր պարզ ու միօրինակ առօրեայով
պիտի փայփայէ ընթերցողը
եւ
փողկապը կապած,
երկար,
փայտէ կոթով,
կանանչ հովանոցը բռնած,
պիտի առաջնորդէ ընթերցողը
հին ու հարազատ արահետներով…