Երկու հազար տասնութին ծնաւ Տարոսիկը։
Տարոսիկը՝
ափին մէջ ամփոփուող գիրք մը գողտրիկ,
որ կ՚ընդգրկէ ամբողջ տարուան տօնական խաղիկները․․․
Փոքրիկ գիրքին հետ նաեւ քսակ մը,
լի հազարաշէնի փայտիկներով․․․
Երա՛զ մը,
որ ամէն մէկ երդիքէ մտնէր Տարոսիկը,
ամէն մէկ ընտանիք,
գլխուն վրայ ունենար հարազատ հազարաշէն մը
ու հնչեցնէր մոռցուած կամ լռած,
մեր հազար ու մէկ խաղիկները․․․
Տարոսիկը հիւսուեցաւ
երիտասարդներուն ձայնով եւ ձիրքով։
Երիտասարդներ, որոնք մեծցած էին մեր քիթին տակ,
իսկ մենք՝ մեծերս անցանք մէկ քայլ դէպի ետեւ,
մեր տեղը յանձնելու երիտասարդներուն․․․
Խանդավառ էին երիտասարդները,
նաեւ մենք՝ տարեցներս,
ու տաքը տաքին
փափաքեցանք շուտով հիւսել յաջորդը՝
Պաթոլան կամ Բատոլան․․․
Բարեկենդանի այս խաղը
հիւսեցին միասնաբար՝ տարեցները ե՛ւ երիտասարդները․․․
Նպատակն էր ստեղծել այն թաղը, գիւղը,
ուր պիտի տօնախմբուէին բոլո՜ր թաղեցիները՝ մեծ ու պզտիկ․․․
Խաղը ունի եօթը պատկեր,
ակլատիզին եօթը փետուրներուն նման․․․
Այո՛, Բարեկենդանի՛ խաղ է,
բայց հերոսները՝
արտը, այծը, գայլը,
արջը, սուրը, ժանգը,
իւղը, մուկը,
կատուն, շունը
հարսը, փեսան,
գումարը տասներկու,
կը ներկայացնեն տասներկու ամիսները տարուան։
Ուստի,
այս խաղը՝
Բարեկենդանի հարսանիքը,
Պաթոլան կամ Բատոլան
թող հնչէ ո՛չ միայն Բարեկենդանի օրերուն,
այլ ամբո՛ղջ տարին․․․
Թող սկսի, աւարտի, վերսկսի ու յարատե՜ւ շարունակուի․․․
Բոլորս՝
տօնական կարմիր շապիկը հագած,
մեր մէջ ապրեցնենք
մեր գիւղերը, թաղերը,
հեռացած հարազատները, յիշատակները․․․
Խաղով, խնդուքով թող միահիւսուին
անցեալը, ներկան,
ու բերնէ բերան,
նաե՛ւ ապագան․․․