մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Արեւ լուսին ժապաւէն

Գրել-կարդալը հաճոյքով իւրացնելու ծրագիր

Եկէ՛ք, ձեռք ձեռքի տանք
մանկապարտէզի
կախարդական աշխարհը
փոխադրե՛նք վեր՝ առաջին դասարան,—
մտածեցին երեքը մէկ՝
արեւ, լուսին, ժապաւէն։
Միայն թէ ճամբայ չելած
որոշեցին յարգել միշտ
չստիկները անխտի՛ր։

Արեւը բերաւ լոյս, ուժ,
կորով, ջերմութիւն եւ կեանք.
լուսինը՝ խաղաղութիւն,
ժամանակի կշռոյթ, յոյս.
ժապաւէնը՝ գիծ եւ գոյն,
ճկուն միտք, երգ, պար եւ խաղ։

Գիշեր ցերեկ, անդադար,
արեւ, լուսին, ժապաւէն
ապահովութիւն,
համարձակութիւն
եւ վստահութիւն
յանձնեցին չստիկներուն,
որպէսզի ցերեկ գիշեր,
չստիկները իրենց կարգին,
ժապաւէններով գոյնզգոյն
ճառագայթներ հիւսեն,
արեւի լոյսով
երկինքէն դէպի երկիր,
լուսինի լոյսով
երկիրէն դէպի երկինք,
ու …
երեւակայութիւնը
կեանք ստանայ։

Ցերեկ գիշեր, անսահման,
արեւ, լուսին, ժապաւէն
անկախութիւն,
ինքնաբաւութիւն,
ինքնավարութիւն,
ինքնաշխատութիւն
յանձնեցին չստիկներուն…
որպէսզի գիշեր ցերեկ,
չստիկները իրենց կարգին,
ժապաւէններով ազատ,
հիւսեն գիծը գիրին
արեւի լոյսով,
հիւսեն գիրը գիրքին
լուսինի լոյսով,
ու …
ստեղծագործութիւնը
կեանք ստանայ։

Ժապաւէնը նուիրեց
համբերութիւն,
ինքնավստահութիւն,
անհուն հաճոյք
կարդացող չստիկներուն։

Ժապաւէնը ջամբեց
ազատութիւն,
երեւակայութիւն,
անծայր համոզում,
գրագէտ չստիկներուն։

Ժապաւէնը շաղեց,
չստիկները շաղուեցան,
ընթերցասէր դարձան։
Ժապաւէնը շաղեց,
Չստիկները շաղուեցան
Գրասէր դարձան։

Օրը կու գայ, կը տեսնենք
չստիկները դարձեր են
ընթերցողներ, գրագէտներ
երազեր են պատմութիւններ
ստեղծեր լեցուն գիրքեր։

Տարին երբ վերջանայ,
մէկ բան գաղտնի թող մնայ…
թէ ո՛վ շաղեր էր…
թէ ո՛վ շաղուեր էր…
արե՞ւը, լուսի՞նը, ժապաւէ՞նը
թէ՞ պարզապէս մեր չստիկները։

Կախարդական է քանի,
գիտնալը՝ անկարելի՛…։

Մեզի թող մնայ խաղալ
ժապաւէն առ ժապաւէն,
իրենց հետ զուարճանալ։

Երկինքէն ինկան երեք խնձոր,
մէկը՝ գծողին,
մէկը՝ շարողին,
երրորդն ալ՝ զուարճացողին։

Ներբեռնել

 

 

աւելին

Սանդուխ՝

Հեղինակ՝

Մ Ժապաւէն

Պ Ժապաւէն

Կ Ժապաւէն

Տ Ժապաւէն

Ն Ժապաւէն

Չ Ժապաւէն

Ս Ժապաւէն

Հ Ժապաւէն

Բ Ժապաւէն

Գ Ժապաւէն

Զ Ժապաւէն

Շ Ժապաւէն

Ճ Ժապաւէն

Թ Ժապաւէն

Ձ Ժապաւէն

Ժ Ժապաւէն

Ղ Ժապաւէն

Խ Ժապաւէն

Ք Ժապաւէն

Ց Ժապաւէն

Լ Ժապաւէն

Դ Ժապաւէն

Ծ Ժապաւէն

Ջ Ժապաւէն

Վ Ժապաւէն

Փ Ժապաւէն

Յ Ժապաւէն

Ֆ-Ռ Ժապաւէն

Այլ նիւթեր՝

Յակոբներ

Վէպ

Բառ ու պար

Յուշամատեան

Երաժշտական արխիւ

Յուշամատեան