Յակոբ Չոլաքեանի աշխատութիւնը կը ներկայացնէ արեւմտահայերէնի գոյական, ածական, թուական եւ դերանուն խօսքի մասերուն ձեւաբանութիւնն ու շարահիւսական իւրայատկութիւնները: Լայնօրէն կը քննէ կանոնակարգման հարցերը՝ անդրադառնալով գոյութիւն ունեցող տարաբնոյթ տարբերակներուն ու բազմաձեւութիւններուն, որոնցմէ ոմանք կու գան արեւմտահայերէնի ակունքներէն, իսկ ուրիշներ թափանցած են խօսակցական լեզուէն: Նախատեսուած է լեզուաբաններուն եւ հայերէնի տարրական քերականութեան ծանօթ բոլոր հետաքրքրուողներուն համար: