մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Հանելուկ՝ ա՞ջ թէ ձախ

Հանելուկ է,
մտածէ՜,
պատասխանը
արդեօք ո՞ւր
մտած է…

Այն ո՞վ է…

Ցախաւելով
փոշին կ՚աւլէ, կ՚աւելցնէ՜…

Ցախաւելը
ձա՞խ ձեռքին, թէ աջ ձեռքին…
Աջ ձեռքին կամ ձախ ձեռքին…
Ձա՛խ ձեռքին, ոչ աջ ձեռքին…
Ցախաւելը Շուշիկին…

Ցախաւելը
ձա՞խ ձեռքին, թէ աջ ձեռքին…
Աջ ձեռքին կամ ձախ ձեռքին…
Ձա՛խ ձեռքին, ոչ աջ ձեռքին…
Ցախաւելը Նուշիկին…

յ․գ․

Այն երեխան,
որուն անունը կը տրուի,
մէկ ձեռքով ցախաւելը բռնած,
պէտք է նետէ դէպի վեր ու բռնէ,
մէյ մը աջ ձեռքով, մէյ մը ձախ ձեռքով,
հետեւելով խաղիկին կշռոյթին…

աւելին

Սանդուխ՝

Այլ նիւթեր՝

Լկրտածը

Վէպ

Բոպիկ տոտիկ

Մանկական գրքոյկ

Ընդառաջում

Արձակներ

Պատկեր, պատում, պատմութիւն – հատոր 1

Փիլիսոփայական