մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Մազմազիկը

Մազմազիկը սարդի՛կ էր,
ութ հատ տոտիկ ունէր,
սակայն
օրին մէկը,
ի՞նչ պատահեցաւ,
ինչպէ՞ս եղաւ,
տոտիկ մը փրթաւ,
եօթը տոտիկով սարդիկ դարձաւ…

Մազմազիկը
տխրեցաւ,
տրտմեցաւ,
ցա՜ւ, ցա՜ւ,
աշխարհը գլխո՛ւն փլաւ,
սակայն
ուզէր չուզէր
կեանքը
պիտի շարունակուէր…

Մազմազիկը սարդի՛կ էր,
ժամանակին
ութ հատ տոտիկ ունէր,
սակայն
օրին մէկը,
գլխուն
փորձա՛նք մը ինկաւ,
եօթը տոտիկով սարդիկ դարձաւ…

Ժամանակը անցաւ,
ցաւն ալ անցաւ՝
մոռցուեցաւ…

Կեանքը կը շարունակուէր,
իսկ Մազմազիկը
առաջուան նման
իր ոստայնը կը հիւսէր…

Արագ արագ,
վեր վար,
աջ ձախ
կ՚երթար կու գար,
միայն թէ
երբեմն
հիւսքին մէջ,
թել մը կը փրթէր
թել մը կը փախէր,
չէ՞ որ տոտիկ մը կը պակսէր…

Մազմազիկը կը ժպտէ՜ր…
Ծուռիկ մուռիկ իր ոստայնը,
իրեն համար գեղեցի՛կ էր…

Մազմազիկը կը սխալէ՜ր…
Ծուռիկ մուռիկ իր ոստայնը,
աշխարհի ամենէ՛ն գեղեցիկ ոստայնն էր…

Օրին մէկը,
երբ սարդիկի մը հանդիպիս,
խոշորացոյցով
տոտիկները համրէ…
Եթէ մէկ տոտիկը պակաս է,
ուրեմն՝ Մազմազի՛կն է…
Իր հիւսած ոստայնը
զգո՜յշ զննէ
ու զմայլէ՜…

աւելին

Սանդուխ՝

Այլ նիւթեր՝

Բագին

Աստղիկը կ՚ուզէ արագ մեծնալ

Զարդիս մատենաշար

Մանկապատանեկան մատենաշար

Արեւմտահայերէնի ուղեցոյց

Լեզուաբանական ուսումնասիրութիւն