մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Աքլորիկը

Ոսկի արեւը ծագեր է,
ժամացոյցին աքլորիկը կը կանչէ՝
կուկուլիկու արթնցիր,
կուկուլիկու արթնցիր,
կուկուլիկու արթնցիր…

Բուրդէ վերմակը տաքուկ է,
բամպակէ բարձը փափուկ է…
Աքլորիկը թող լռէ,
աքլորիկը թող լռէ,
աքլորիկը թող լռէ…

Ոսկի արեւը ծագեր է,
ժամացոյցին աքլորիկը կը կանչէ՝
կուկուլիկու արթնցիր,
կուկուլիկու արթնցիր,
կուկուլիկու արթնցիր…

Անկողինէն ելլելը անկարելի է,
երազը տակաւին վերջացած չէ…
Աքլորիկը թող լռէ,
աքլորիկը թող լռէ,
աքլորիկը թող լռէ…

աւելին

Սանդուխ՝

Այլ նիւթեր՝

Ընդառաջում

Արձակներ
Սփիւռք մատենաշար

Արեւ, արեւ

Վէպ

Ձեռք ձեռքի

Մանկապարտէզի ծրագիր

Արեւմտահայերէնի ուղեցոյց

Լեզուաբանական ուսումնասիրութիւն