մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Ախ ըլլայի ըլլայի

Ախ ըլլայի, ըլլայի,
պզտիկ ձուկ մը ըլլայի…
Ամբողջ օրը՝ չըլըփ չըլըփ,
ջուրին մէջը՝ չըլըփ չըլըփ,
ուրախ զուարթ լողայի…
Սուր կարթը…
Փախի՛մ, փախիմ…

Ախ ըլլայի, ըլլայի,
պզտիկ ձուկ մը ըլլայի…
Ամբողջ օրը՝ չըլըփ չըլըփ,
ջուրին մէջը՝ չըլըփ չըլըփ,
ուրախ զուարթ լողայի…
Ուռկանը…
Փախի՛մ, փախիմ…

Ախ ըլլայի, ըլլայի,
պզտիկ ձուկ մը ըլլայի…
Ամբողջ օրը՝ չըլըփ չըլըփ,
ջուրին մէջը՝ չըլըփ չըլըփ,
ուրախ զուարթ լողայի…
Շանաձուկը…
Փախի՛մ, փախիմ…

Ախ ըլլայի, ըլլայի,
պզտիկ ձուկ մը ըլլայի…
Ամբողջ օրը՝ չըլըփ չըլըփ,
ջուրին մէջը՝ չըլըփ չըլըփ,
ուրախ զուարթ լողայի,
վտանգէն փախէի,
վտանգէն շատ շուտ փախէի…

Ախ ըլլայի, ըլլայի,
պզտիկ ձուկ մը ըլլայի…

աւելին

Սանդուխ՝

Այլ նիւթեր՝

Խաղ ու մաղ

Խաղերու շարք

Րուրի

Ընթերցումին ընդերքը

Փորձագրութիւն

Պուրակ

Կայքէջ