մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Եօթը գառնուկ ժամը եօթին

Ամեն իրիկուն
ժամը եօթին,
եօթը գառնուկ
սենեակիս մէջ,
անկողինիս վրայ
հո՛փ, հո՛փ կը ցատկեն,
հո՛փ, հո՛փ, հո՛փ, հոփինա՜ կը ցատկռտեն…

Շատ չանցած՝
ժամը ութին,
անօթի գայլը
կը յայտնուի յանկարծ, վա՛յ…

Ամեն իրիկուն՝ գայլը չեկած,
այսինքն՝ ժամը ութին քառորդ մնացած,
գառնուկներս կը գրկեմ,
աչուկներս կը գոցեմ,
տաքո՜ւկ, տաքուկ կը քնանամ,
եթէ ոչ,
ժամը ութին,
անօթի գայլը կու գայ,
գառնուկներս կ՚ուտէ,
փորը ուռած անկողինս կը մտնէ,
գլուխը բարձիս՝
խռըմ փըշ, խռըմ փըշ,
խը՜ռ խըռ կը քնանայ…
Իսկ ես,
մայրիկին հայրիկին անկողինը կ՚երթամ,
երկուքին մէջտեղը,
տաքո՜ւկ, տաքուկ կը քնանամ…

Մայրիկս
ստիպուած,
ամեն իրիկուն,
ժամը եօթին քառորդ մնացած,
սենեակիս պատուհանը կը գոցէ,
որ գառնուկները ներս չմտնեն,
սակայն անօգուտ է…

Պատուհանը բաց,
պատուհանը գոց,
չեմ գիտեր ինչպէ՞ս
եւ ուրկէ՞,
ամեն իրիկուն
ժամը եօթին,
եօթը գառնուկ
սենեակիս մէջ,
անկողինիս վրայ
հո՛փ, հո՛փ կը ցատկեն,
հո՛փ, հո՛փ, հո՛փ, հոփինա՜ կը ցատկռտեն…

աւելին

Սանդուխ՝

Այլ նիւթեր՝

ՀայՍփէլ

Նշանս

Մանկապատանեկան վիպակ

Երկլեզու ցանցը

Փորձագրութիւն

Աղուոր բաներ