Սեպտեմբեր,
ժպիտով կամ արցունքով,
դպրոց գացող մանուկնե՜ր,
իսկ ծառերէն կը տեղան
կարմիր դեղին տերեւնե՜ր…
Հոկտեմբեր, նոյեմբեր,
երկինքին մէջ
երա՜մ երամ
հեռացող թռչուններ,
կը մօտենայ ցո՜ւրտ ձմեռ…
Դեկտեմբեր,
փափո՜ւկ փափուկ փաթիլներ,
կարմիր կանանչ
զարդարուած եղեւիններ,
փա՛ս փայլուն աստղիկներ,
բարի՜ բարի մաղթանքներ…
Հին տարին կը գլորի,
նոր տարին կը սկսի,
բոլորը
ձեռք ձեռքի
կը բռնեն շուրջպար,
ահա հասանք յունուար…
Յունուար փետրուար,
ցուրտ ձմեռը շա՜տ երկար,
սակայն շուտով
խենթ մարտը կը հասնի
ու մեր խաղը
անվերջ կը շարունակուի…
Վա՛յ,
ուշացա՜յ…
Վերամո՛ւտ է,
վազեմ դպրոց…
Սեպտեմբեր,
ժպիտով կամ արցունքով,
դպրոց վազող մանուկնե՜ր,
իսկ ծառերէն կը տեղան,
հին ու նոր,
խենթո՛ւկ խենթուկ ընկերնե՜ր…