մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Արագիլը՜

Արագիլօ՜, գիլ գիլօ՜…
Արագիլօ՜, գիլ գիլօ՜…
Արագիլը բարի՛ եկաւ,
արդեօք հետը ի՞նչ բերաւ…

Իշուկին քուռա՛կ բերաւ,
կովուկին՝ հորթո՛ւկ,
իսկ ձիուկին՝ մտրո՛ւկ…

Արագիլօ՜, գիլ գիլօ՜…
Արագիլօ՜, գիլ գիլօ՜…
Արագիլը բարի՛ եկաւ,
արդեօք հետը ի՞նչ բերաւ…

Ոչխարին գառնո՛ւկ բերաւ,
այծուկին՝ ուլի՛կ,
ձեզի՝ աղբարիկ,
իսկ մեզի՝ քոյրիկ…

Գառնուկ աղբարիկ,
ուլուլիկ քոյրիկ…
Աղբարիկը՝
աղուորիկ,
իսկ
քոյրիկը՝
քնքոյշիկ, պուպուշիկ, նունուշիկ, անուշիկ…

Արագիլօ՜, գիլ գիլօ՜…
Արագիլօ՜, գիլ գիլօ՜…

աւելին

Սանդուխ՝

Այլ նիւթեր՝

Կշռական հատում

Փորձագրութիւն

Քառակուսիէն դուրս

Մանկական գրքոյկ

Ձեռք ձեռքի

Մանկապարտէզի ծրագիր

Արաս

Հրատարակչատուն