մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Շերեփը եւ շերեփուկը

Շերեփը՝
երկա՜ր կոթով շերեփը…
Ո՛չ, ոչ,
շերեփուկը՝
երկա՜ր պոչով շերեփուկը…

Շերեփը,
ապուրին մէջը,
Շերեփուկը
ջուրին մէջը՝
չըլըփ չըլըփ,
չըլըփ չըլըփ…

Շարան շարան
օրեր անցան՝
երկուշաբթի,
երեքշաբթի,
չորեքշաբթի,
հինգշաբթի,
ուրբաթ շաբաթ կիրակի,
ե՜ւ…
շերեփուկին
տոտիկնե՛ր բուսան…

Անհաւատալի՛ բան…

Տոտիկները,
երկար պոչը,
շերեփուկը
ջուրին մէջը՝
չըլըփ չըլըփ,
չըլըփ չըլըփ…

Շարան շարան
օրեր անցան՝
երկուշաբթի,
երեքշաբթի,
չորեքշաբթի,
հինգշաբթի,
ուրբաթ շաբաթ կիրակի,
ե՜ւ…
շերեփուկին
թաթիկնե՛ր բուսան…

Անհաւատալի՛ բան…

Թաթիկները,
տոտիկները,
երկար պոչը,
շերեփուկը
ջուրին մէջը՝
չըլըփ չըլըփ,
չըլըփ չըլըփ…

Շերեփուկը ուռեցաւ, ուռեցաւ,
փուչիկի պէս ուռեցաւ,
երկար պոչը անհետացաւ…

Անհաւատալի՛ բան…

Շերեփուկը ուռեցաւ, ուռեցաւ,
առանց պոչի գորտի՛կ դարձաւ,
ջուրէն ելաւ, կռկռաց՝

Երկար պոչս ո՞ւրր է,
երկար պոչս ո՞ւրր է…

Ոչ, պոչ,
Ոչ, պոչ…

Տաք ապուրը ո՞ւրր է,
Տաք ապուրը ո՞ւրր է…

Տաք ապուր,
պաղ ապուր…

աւելին

Սանդուխ՝

Այլ նիւթեր՝

Ֆրանսահայ գրականութիւն

Գրականութիւն
Յուշամատեան

Թահինով հացը – Տարչինով կամ առանց տարչինի

Տեսերիզ

Բարի եկար Նուրին

Զարդիս մատենաշար

Աստղագնաց ճամբորդին ուղեցոյցը

Վէպ