մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Չկայ չէ չէ

Կաչաղակը
չաչանակ էր,
կարկաչայի նման,
անվերջ կը կարկաչէր,
կրիային գլո՛ւխը կ՚արդուկէր,
կարծես ամե՛ն օր Զատիկ էր…

Կարկաչայ, կարկաչայ,
ամեն օր Զատիկ կ՚ըլլա՞յ…
Կարկաչայ, կարկաչայ,
լռութիւն չկա՛յ ու չկա՛յ…

Կարկաչային աղմուկը
վերջ չունէ՛ր,
կաչաղակին աղաղակը
անտանելի էր,
իսկ կրիան
կը չարչարուէ՜ր,
կը տառապէ՜ր…

Կաչաղակ, չաչանակ,
այս ի՞նչ աղմուկ, աղաղակ…
Կաչաղակ, չաչանակ,
այս ի՞նչ աղմուկ, աղաղակ…

Վերջ ի վերջոյ,
կրիան
քար քարի վրայ շարեց,
տունիկ մը շինեց,
կռնակին կապեց…

Քիչ մը ծանր էր,
կռնակը կը ցաւէր,
սակայն գանգատ չունէր,
ընդհակառակը`
երջանիկ էր…

Աղմուկ աղաղակը
հազիւ սկսէր,
տունիկին մէջ կը մտնէր,
իսկ կաչաղակը
կը զարմանար,
թէ կրիան յանկարծ
ո՞ւր կ’անհետանար…

Այդ օրուընէ
կրիան հանգիստ է,
hազիւ ձայն ծպտուն լսէ,
տունիկին մէջ կը մտնէ,
իսկ չաչանակ կաչաղակը
կրիան կը փնտռէ
ու կարկաչայի նման
անվերջ կը կարկաչէ…

– Չկայ, չէ չէ,
չկայ, չէ չէ,
չկայ, չէ չէ…

աւելին

Սանդուխ՝

Այլ նիւթեր՝

Կրկնագիր մարդը

Վէպ

Աղուոր բաներ

Մտածենք եւ լուծենք

Մերինները

Պատում