մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Քանի՞ հրեշտակ

Փա՛ս փայլուն լուսապսակ,
մետաքս հագուստ ճե՛փ ճերմակ,
սրինգ նուագող մէկ հրեշտակ…

Փա՛ս փայլուն լուսապսակ,
մետաքս հագուստ ճե՛փ ճերմակ,
սրինգ նուագող մէկ հրեշտակ,
քնար նուագող երկու հրեշտակ…

Փա՛ս փայլուն լուսապսակ,
մետաքս հագուստ ճե՛փ ճերմակ,
սրինգ նուագող մէկ հրեշտակ,
քնար նուագող երկու հրեշտակ,
երկար փողերով երեք հրեշտակ…

Փա՛ս փայլուն լուսապսակ,
մետաքս հագուստ ճե՛փ ճերմակ,
սրինգ նուագող մէկ հրեշտակ,
քնար նուագող երկու հրեշտակ,
երկար փողերով երեք հրեշտակ,
ծնծղաներով չորս հրեշտակ…

Փա՛ս փայլուն լուսապսակ,
մետաքս հագուստ ճե՛փ ճերմակ,
սրինգ նուագող մէկ հրեշտակ,
քնար նուագող երկու հրեշտակ,
երկար փողերով երեք հրեշտակ,
ծնծղաներով չորս հրեշտակ,
աւետիս կանչող հինգ հրեշտակ…

Աւետի՜ս, աւետի՜ս,
ձեզի, մեզի աւետիս…
Աւետի՜ս, աւետի՜ս,
ձեզի, մեզի մեծ աւետիս…

աւելին

Սանդուխ՝

Այլ նիւթեր՝

Ընթերցումին ընդերքը

Փորձագրութիւն

Սփիւռք մատենաշար

Մրջիւններու վերջալոյսը

Վէպ

Երդիք

Մանկական տեսերիզներու ծրագիր