մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Սուտ աղուէսիկ

Որթատունկը, ողկոյզը…
Որթատունկը, ողկոյզը…

Աղուէսը մօտեցաւ որթատունկին,
աչքը տնկեց ողկոյզին…
Անօթի էր աղուէսը,
կ’ուզէր ուտել խաղողը…

Բարձրացուց թաթիկները,
սակայն ողկոյզը ո՜ւր,
թաթիկները ո՜ւր,
կը չարչարուէր ի զուր…

Կեցաւ ոտիկներուն ծայրը,
բարձրացուց թաթիկները,
սակայն ողկոյզը ո՜ւր,
թաթիկները ո՜ւր,
կը չարչարուէր ի զուր…

Ցատկեց աղուէսը
մէկ անգամ, երկու անգամ…
Ցատկեց աղուէսը
տասը անգամ, քսան անգամ,
սակայն ողկոյզը ո՜ւր,
թաթիկները ո՜ւր,
կը չարչարուէր ի զուր…

Աղուէսը շատ բարկացաւ,
սաստիկ զայրացաւ,
սակայն բնաւ յայտնի չըրաւ…

– Թո՜ւ թո՜ւ,
    աս խաղողը թթու է…
    Թո՜ւ թո՜ւ,
    թթու խաղող ո՞վ կ’ուտէ…

Ըսաւ աղուէսը,
շարժեց պոչը
ու հեռացաւ…

Սո՛ւտ աղուէսիկ,
պոչիկը ծաղիկ…

աւելին

Սանդուխ՝

Այլ նիւթեր՝

Սկսիլ

Փորձագրութիւն

Մատենագրութեան թուանշային գրադարան

Հայ կեանք եւ գրականութիւն

Սփիւռք եւ ինքնացում

Վերլուծումներ