մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Եռանկիւնը

Հսկայ լեռը
եւ մեծ վանքին գմբեթը…
Նոյնը նոյնը,
եռանկիւնը…

Հսկայ լեռը,
մեծ վանքին գմբեթը եւ
վարդապետին վեղարը…
Նոյնը նոյնը,
եռանկիւնը…

Հսկայ լեռը,
մեծ վանքին գմբեթը,
վարդապետին վեղարը եւ
մեծ մայրիկին պանիրով բլիթը…
Նոյնը նոյնը,
եռանկիւնը…

Հսկայ լեռը,
մեծ վանքին գմբեթը,
վարդապետին վեղարը,
մեծ մայրիկին պանիրով բլիթը,
թոռնիկին փորիկին մէջը, հա՛մ…

Հսկայ լեռը եւ թոռնիկը…
Նոյնը նոյնը,
գրեթէ նոյնը…
Նոյնը նոյնը,
միեւնոյնը…

աւելին

Սանդուխ՝

Այլ նիւթեր՝

Խաղ ու մաղ

Խաղերու շարք

Հոյամողէզներու սրահի շրջապտոյտ

Ծիրանի Անուշ

Ընդառաջում

Արձակներ