Որթատունկը, ողկոյզը…
Որթատունկը, ողկոյզը…
Աղուէսը մօտեցաւ որթատունկին,
աչքը տնկեց ողկոյզին…
Անօթի էր աղուէսը,
կ’ուզէր ուտել խաղողը…
Բարձրացուց թաթիկները,
սակայն ողկոյզը ո՜ւր,
թաթիկները ո՜ւր,
կը չարչարուէր ի զուր…
Կեցաւ ոտիկներուն ծայրը,
բարձրացուց թաթիկները,
սակայն ողկոյզը ո՜ւր,
թաթիկները ո՜ւր,
կը չարչարուէր ի զուր…
Ցատկեց աղուէսը
մէկ անգամ, երկու անգամ…
Ցատկեց աղուէսը
տասը անգամ, քսան անգամ,
սակայն ողկոյզը ո՜ւր,
թաթիկները ո՜ւր,
կը չարչարուէր ի զուր…
Աղուէսը շատ բարկացաւ,
սաստիկ զայրացաւ,
սակայն բնաւ յայտնի չըրաւ…
– Թո՜ւ թո՜ւ,
աս խաղողը թթու է…
Թո՜ւ թո՜ւ,
թթու խաղող ո՞վ կ’ուտէ…
Ըսաւ աղուէսը,
շարժեց պոչը
ու հեռացաւ…
Սո՛ւտ աղուէսիկ,
պոչիկը ծաղիկ…