մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Ձմեռ եկաւ

Ձմեռ եկաւ, ձիւն եկաւ,
արջուկին քունը եկաւ…
Մշիկ մշիկ քնացաւ,
մինչեւ գարունը հասաւ…

Խըռըմ փըշ, խըռըմ փըշ,
արջուկը քուն,
ես արթուն…

Ձմեռ եկաւ, ձիւն եկաւ,
կրիային քունը եկաւ…
Մշիկ մշիկ քնացաւ,
մինչեւ գարունը հասաւ…

Խըռըմ փըշ, խըռըմ փըշ,
արջուկը քուն,
կրիան քուն,
ես արթուն…

Ձմեռ եկաւ, ձիւն եկաւ,
ոզնիին քունը եկաւ…
Մշիկ մշիկ քնացաւ,
մինչեւ գարունը հասաւ…

Խըռըմ փըշ, խըռըմ փըշ,
արջուկը քուն,
կրիան քուն,
ոզնին քուն,
ես արթուն…

Ձմեռ եկաւ, ձիւն եկաւ,
խլուրդին քունը եկաւ…
Մշիկ մշիկ քնացաւ,
մինչեւ գարունը հասաւ…

Խըռըմ փըշ, խըռըմ փըշ,
արջուկը քուն,
կրիան քուն,
ոզնին քուն,
խլուրդը քուն,
ես արթուն…

Ձմեռ եկաւ, ձիւն եկաւ,
մողէզին քունը եկաւ…
Մշիկ մշիկ քնացաւ,
մինչեւ գարունը հասաւ…

Խըռըմ փըշ, խըռըմ փըշ,
արջուկը քուն,
կրիան քուն,
ոզնին քուն,
խլուրդը քուն,
մողէզը քուն,
ես ալ քուն…

աւելին

Սանդուխ՝

Այլ նիւթեր՝

Անտիտղոս հերոսներ

Գիրքերու մատենաշար

Բոպիկ տոտիկ

Մանկական գրքոյկ

Ձեռք ձեռքի

Մանկապարտէզի ծրագիր

Ծափ ծափիկ

Մանկավարժական երաժշտութեան ծրագիր