մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Ըսէ այն ո՞վ  է

Գլխուն վրայ գլխարկ մը կայ…
Գլխարկը կարմիր է,
ըսէ այն ով է,
լսէ այն ով է,
դուռը կը թակէ…

Քիթին տակը մօրուք մը կայ…
Մօրուքը երկար է,
գլխարկը կարմիր  է,
ըսէ այն ով է,
լսէ  այն ով է,
դուռը կը թակէ…

Կռնակին վրայ տոպրակ մը կայ…
Տոպրակը լեցուն է,
մօրուքը երկար է,
գլխարկը կարմիր է,
ըսէ այն ով է,
լսէ  այն ով է,
դուռը կը թակէ…

Տոպրակը լեցուն է,
մօրուքը երկար է,
գլխարկը կարմիր է,
Կաղանդ պապուկն է,
Կաղանդ պապուկն է,
դուռը կը թակէ…

աւելին

Սանդուխ՝

Այլ նիւթեր՝

Մատենագրութեան թուանշային գրադարան

Յակոբ Օշականի ամբողջական գործերը

Բառ ու պար

Բառաստան

Հայկական համացանցային համալսարան

Առցանց դասերու հարթակ