Պարտէզին մէջ ծառ մը կայ,
ծառին վրայ ճիւղ մը կայ…
Ճիւղին վրայ բոյն մը կայ,
բոյնին մէջն ալ թռչնիկ մը կայ…
Աստղ եւ լուսին օրօր կ՚երգեն,
օրօր կ՚երգեն ու կ՚օրօրեն…
Րուրի րուրի, սիրուն թռչնիկ,
անուշ քունիկ, մշիկ մշիկ…
Պարտէզին մէջ ծառ մը կայ,
ծառին վրայ ճիւղ մը կայ…
Ճիւղին վրայ բոյն մը կայ,
բոյնին մէջն ալ երկու թռչնիկ կայ…
Ամպ ու անձրեւ օրօր կ՚երգեն,
օրօր կ՚երգեն ու կ՚օրօրեն…
Րուրի րուրի, երկու թռչնիկ,
անուշ քունիկ, մշիկ մշիկ…
Պարտէզին մէջ ծառ մը կայ,
ծառին վրայ ճիւղ մը կայ…
Ճիւղին վրայ բոյն մը կայ,
բոյնին մէջն ալ երեք թռչնիկ կայ…
Ծառ ու ծաղիկ օրօր կ՚երգեն,
օրօր կ՚երգեն ու կ՚օրօրեն…
Րուրի րուրի, երեք թռչնիկ,
անուշ քունիկ, մշիկ մշիկ…