մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Հայելին

Պատէն կախուած հայելի,
մէկը մէջէն կը նայի…
Ինծի կը նայի կը ժպտի,
արդեօք ինչո՞ւ կը ժպտի…
Ինծի կը նայի կը ժպտի,
ես ալ իրեն կը ժպտիմ՝
հի հի հի, հի հի հի…

Պատէն կախուած հայելի,
մէկը մէջէն կը նայի…
Ինծի կը նայի կը խնդայ,
արդեօք ինչո՞ւ կը խնդայ…
Ինծի կը նայի կը խնդայ,
ես ալ իրեն կը խնդամ՝
հա հա հա, հա հա հա…

աւելին

Սանդուխ՝

Այլ նիւթեր՝

Երկլեզու ցանցը

Փորձագրութիւն
Զարդիս մատենաշար

Ե՛ս եմ ամենէն ուժովը

Մանկական գրքոյկ

Խաղ ու մաղ

Խաղերու շարք
Երդիք

Ակուլ Տուկուլ