մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Պալատին բանալին

Թագաւորը հարցուց թագուհիին,
թագուհին հարցուց իշխանին,
իշխանը հարցուց իշխանուհիին՝
ո՞ւր է պալատին բանալին…

Իշխանուհին պատասխանեց իշխանին,
իշխանը պատասխանեց թագուհիին,
թագուհին պատասխանեց թագաւորին՝
չկայ պալատին բանալին…

Բանալին կորսնցուցի,
ծակը ծուկը փնտռեցի,
ոսկի բանալի,
արծաթ բանալի,
պալատին դուռը ինչպէ՞ս բացուի…

Բանալին կորսնցուցի,
ծակը ծուկը փնտռեցի,
ոսկի բանալի,
արծաթ բանալի,
պալատին դուռը թող բացուի…

աւելին

Սանդուխ՝

Այլ նիւթեր՝

Երդիք

Ալնիս Բալնիս

Թագաւորը եւ թագուհին

Մանկապատանեկան վիպակ

Աղուոր բաներ

Փոքրիկ

Հէքիաթներու աշխարհ