մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Քեռի Մինաս գ

Մէկ երկու՝ Քեռի Մինաս…
Երեք չորս՝ խըռ խըռ կը քնանաս…
Հինգ վեց՝ անկողինէն վա՛ր կ’իյնաս, կ’արթննաս…
Եօթը ութ՝ դուռը կը բանաս…
Ինը տասը՝ վա՛յ, Քեռի Մինաս,
առանց տաբատի ո՞ւր կ՚երթաս…

Մէկ երկու՝ Քեռի Մինաս…
Երեք չորս՝ խըռ խըռ կը քնանաս…
Հինգ վեց՝ անկողինէն վա՛ր կ՚իյնաս, կ՚արթննաս,
տաբատդ հագնելու չմոռնաս…
Եօթը ութ՝ դուռը կը բանաս…
Ինը տասը՝ վա՛յ, Քեռի Մինաս,
առանց շապիկի ո՞ւր կ’երթաս…

Մէկ երկու՝ Քեռի Մինաս…
Երեք չորս՝ խըռ խըռ կը քնանաս…
Հինգ վեց՝ անկողինէն վա՛ր կ’իյնաս, կ’արթննաս,
շապիկդ հագնելու չմոռնաս…
Եօթը ութ՝ դուռը կը բանաս…
Ինը տասը՝ վա՛յ, Քեռի Մինաս,
առանց կօշիկի ո՞ւր կ’երթաս…

Մէկ երկու՝ Քեռի Մինաս…
Երեք չորս՝ խըռ խըռ կը քնանաս…
Հինգ վեց՝ անկողինէն վա՛ր կ՚իյնաս, կ՚արթննաս,
կօշիկդ հագնելու չմոռնաս…
Եօթը ութ՝ դուռը կը բանաս…
Ինը տասը՝ վա՛յ, Քեռի Մինաս,
կօշիկդ կապէ, վար չիյնաս…

Մէկ երկու՝ Քեռի Մինաս…
Երեք չորս՝ խըռ խըռ կը քնանաս…
Հինգ վեց՝ անկողինէն վա՛ր կ՚իյնաս, կ՚արթննաս,
կօշիկդ կապելու չմոռնաս…
Եօթը ութ՝ դուռը կը բանաս…
Ինը տասը՝ վա՛յ, Քեռի Մինաս,
առանց մեզի ո՞ւր կ’երթաս…

Համբերէ՜,
հիմա կը գիտնաս…

Մէկ երկու՝
սստիճանէն վե՛ր կ’ելլես…
Երեք չորս՝
օձին գլուխէն վա՛ր կ’իջնես…
Հինգ վեց՝
զոյգ զառերը կը գլորես…
Եօթը ութ՝
մինչեւ հարիւր կը համրես…
Ինը տասը՝
կը հասնիս կրկէս…

Ժամը ճի՛շդ հինգուկէս…
Հինգուկէ՞ս, թէ վեցուկէս…
Երէկուան պէս՝ եօթուկէս…

Կրկէսին մէջ՝
այն ո՞վ է…
Լարին վրայ
կ՚երթայ, կու գայ,
վեր վար կը խաղայ…

Վա՛յ, Քեռի Մինաս,
լարին վրայ
կ՚երթա՜ս, կու գաս,
վեր վար կը խաղաս…

Վա՛յ, Քեռի Մինաս,
լարին վրայ
կ՚երթա՜ս, կու գաս,
վար չիյնա՜ս…

Քեռի Մինասը՝
լարախաղաց,
մենք մնացինք
ապշած՝
բերաննիս բա՛ց…

աւելին

Սանդուխ՝

Այլ նիւթեր՝

Ղազարաւան

Պատմուածք

Րուրի

Զարդիս մատենաշար

Մանկապատանեկան մատենաշար

Կարմիր կօշիկ

Մանկական գրքոյկ