մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Մուկը

Մուկը ընդհանրապէս մոխրագոյն կ’ըլլայ,
սեւ ու ճերմակ՝ մոխրագոյն…

Երբ մութ է՝ մո՜ւս մութ,
սե՛ւ կ’ըլլայ՝ սե՛փ սեւ…

Երբ ալիւրի պարկը մտնէ,
ալիւրի պարկէն ճերմա՛կ կ’ելլէ՝ ճե՛փ ճերմակ…

Երբ սուրճ խմէ,
սրճագոյն կը դառնայ՝ սուրճի՛ գոյն…

Երբ սիրահար ունենայ,
վարդագո՛յն կը դառնայ՝ վարդի՛ գոյն…

Երբ բարկանայ,
կարմիր կ’ըլլայ՝ կա՛ս կարմիր…

Երբ իւղով միւղով տապկուի,
նարնջագոյն կը դառնայ՝ ծիրանագոյն…

Երբ հիւանդանայ,
դեղին կ’ըլլայ՝ դե՛փ դեղին…

Երբ սիրտը խառնուի,
կանանչ կ’ըլլայ՝
կա՛փ կանանչ,
կափս կանանչ…

Երբ մսի,
կապոյտ կ’ըլլայ՝
բա՞ց կապոյտ, գո՞ց կապոյտ,
կարծեմ կա՛ս կապոյտ…

Երբ ամչնայ,
մանիշակագոյն կը դառնայ՝
մանուշակի գոյն…

Երբ կատուն գայ,
թափանցիկ կը դառնայ…
Գոյն, գոյն,
անգոյն…

Իսկ երբ Բարեկենդանը գայ,
գոյնզգո՛յն կ’ըլլայ…
Գոյն, գոյն,
քանի՞ գոյն…

աւելին

Սանդուխ՝

Այլ նիւթեր՝

Նայիրի-Ստեղն

Պէյրութի հայանուն փողոցները

Կրկնագիր մարդը

Վէպ

Յառաջ օրաթերթ

Մամուլի թուային արխիւ