մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Քեռի Մինաս բ

Մէկ երկու,
Քեռի Մինաս…
Երեք չորս,
ուրկէ՞ կու գաս…
Հինգ վեց,
ո՞ւր կ’երթաս…
Եօթը ութ,
կ’երթաս կու գաս…
Ինը տասը,
բարե՛ւ կու տաս…

Բարե՜ւ, Ճաղատ Ղուկաս…

Մէկ երկու,
գնաց եկաւ…
Երեք չորս,
բարեւ տուաւ…
Հինգ վեց,
օրը անցաւ…
Եօթը ութ,
գիշեր եղաւ…
Ինը տասը,
անկողին մտաւ,
տասնմէկին
քնացաւ,
կէս գիշերին
երազ տեսաւ,
երազին մէջ՝
բարե՛ւ տուաւ…

Բարե՜ւ, Ճաղատ Ղուկաս…

աւելին

Սանդուխ՝

Այլ նիւթեր՝

Բառ ու պար

Մատենագրութեան թուանշային գրադարան

Հայ կեանք եւ գրականութիւն

Երդիք

Մանկական տեսերիզներու ծրագիր