մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Չորս եղանակ

Գարուն ամառ՝
մէկ երկու,
աշուն ձմեռ՝
երեք չորս,
ես կը պարեմ տասնչորս…

Ինչո՞ւ տասնչորս…
Հապա քանի՞…
Թող ըլլայ քսանչորս…

Քսանչո՞րս…
Ո՛չ, ո՛չ,
փաս փայլուն
աչքերուդ համար՝
երեսունչորս…

Երեսունչո՞րս…
Ո՛չ, ո՛չ,
գանգուր գանգուր
մազերուդ համար՝
քառասունչորս…

Քառասունչո՞րս…
Ո՛չ, ո՛չ,
կարմրուկ կարմրուկ
այտերուդ համար՝
յիսունչորս…

Յիսունչո՞րս…
Ո՛չ, ո՛չ,
բաս բարակ
վզիկիդ համար
վաթսունչորս…

Վաթսունչո՞րս…
Ո՛չ, ո՛չ,
պուպուշ պուպուշ
ժպիտիդ համար՝
եօթանասունչորս…

Եօթանասունչո՞րս…
Ո՛չ, ո՛չ,
անուշ անուշ
խօսքերուդ համար
ութսունչորս…

Ութսունչո՞րս…
Ո՛չ, ո՛չ,
փափուկ բամպակ
սրտիկիդ համար
իննսունչորս…

Իննսունչո՞րս…
Ո՛չ, ո՛չ,
եկուր ընենք
կլոր հաշիւ՝
հարիւրչորս…

Հարիւրչո՞րս…
Ո՛չ, ո՛չ,
ծո՛ւռ նստինք,
շիտա՛կ խօսինք…
Ամենէն լաւը՝
տասնչորս…

Ուրեմն՝
վերջի՛ն խօսք…
Գարուն ամառ՝ մէկ երկու,
աշուն ձմեռ՝ երեք չորս,
ես կը պարեմ տասնչորս…

աւելին

Սանդուխ՝

Այլ նիւթեր՝

Վլում

Ահա, այսպէ՛ս…

Մանկական պատմուածքներ

Սփիւռք մատենաշար

Յուշամատեան

Թահինով հացը – Տարչինով կամ առանց տարչինի

Տեսերիզ