մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Քեռի Մինաս – ա

Անձրեւ կու գայ, ձիւն կու գայ,
Քեռի Մինասը տուն կու գայ,
փիլաւ կ’եփէ բրինձ չկայ, վա՜յ…

– Ճաղատ Ղուկա՜ս…
    Երկու գաւաթ բրինձ կու տա՞ս…

Կաթսան, բրինձը…

Անձրեւ կու գայ, ձիւն կու գայ,
Քեռի Մինասը տուն կու գայ,
փիլաւ կ’եփէ բրինձ կայ, իւղ չկայ, վա՜յ…

– Ճաղատ Ղուկա՜ս…
    Քիչ մը կարագ կու տա՞ս…

Կաթսան, բրինձը, կարագը…
Կաթսան, բրինձը, կարագը, տաք ջուրը…
Կաթսան, բրինձը, կարագը, տաք ջուրը,
Քեռի Մինասին փիլաւը…

Կաթսան պղինձ է,
փիլաւը եղինձ է…

Պղինձին մէջը
բրինձէ եղինձը,
բրինձէ եղինձը
պղինձին մէջը…

աւելին

Սանդուխ՝

Այլ նիւթեր՝

Ընթերցումին ընդերքը

Փորձագրութիւն

Պարոն Սեդրակ

Մանկապատանեկան վիպակ
Յուշամատեան

Թահինով հացը – Տարչինով կամ առանց տարչինի

Տեսերիզ

Յառաջ օրաթերթ

Մամուլի թուային արխիւ