մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Ամանոր

Կաթսային մէջ ի՞նչ կ’եփի,
չամիչով փիլաւ կ’եփի,
Ամանոր է՝ Նոր Տարի,
գալը թող ըլլայ բարի…

Մեծ հայրիկը պեխ ունի,
պեխին տակէն կը ժպտի,
Ամանոր է՝ Նոր Տարի,
գալը թող ըլլայ բարի…

Նոր հեքիաթ մը կը սկսի,
կծիկը թող գլորի,
Ամանոր է՝ Նոր Տարի,
գալը թող ըլլայ բարի…

Թոռնիկները աշխարհի
թող մեծնան առանց ցաւի,
Ամանոր է՝ Նոր Տարի,
գալը թող ըլլայ բարի…

աւելին

Սանդուխ՝

Այլ նիւթեր՝

Աղուոր բաներ

Արեւմտահայերէնի քերականութիւն – Ա.

Լեզուաբանական ուսումնասիրութիւն

Նայիրի-Ստեղն

Զարդիս մատենաշար

Աստղագնաց ճամբորդին ուղեցոյցը

Վէպ