մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Հովիւները

Լեռ ձոր, լեռ ձոր…
Նորէ՛ն լեռ, նորէ՛ն ձոր…
Քանի՞ լեռ, քանի՞ ձոր…
Եօ΄թը լեռ, եօ΄թը ձոր…

Լեռը, ձորը, հովիւը…
Հովիւը եւ մահակը…

Հովիւը, մահակը…
Մահակը եւ ոչխարը…

Հովիւը, մահակը, ոչխարը…
Ոչխարը եւ գառնուկը…

Հովիւը, մահակը, ոչխարը, գառնուկը…
Գառնուկը եւ այծուկը…

Հովիւը, մահակը, ոչխարը, գառնուկը, այծուկը…
Այծուկը եւ ուլիկը…

Հովիւը, մահակը, ոչխարը, գառնուկը, այծուկը, ուլիկը…
Ուլիկը եւ գորշ գայլը…

Հովիւը, մահակը, ոչխարը, գառնուկը,
այծուկը, ուլիկը, գորշ գայլը՝ աաաուո՜ւ…
Գորշ գայլը եւ գայլաշունը…

Հովիւը, մահակը, ոչխարը, գառնուկը,
այծուկը, ուլիկը, գորշ գայլը, գայլաշունը` հա΄ֆ հա΄ֆ հա΄ֆ…

Լոյս մանուկը կը քնանա՜յ… շշշշշշշշշշ…

Հովիւները լոյս մանուկին ի՞նչ բերին…

Հովիւները կա΄թ բերին…

Հովիւները կաթ, մածո΄ւն բերին…

Հովիւները կաթ, մածուն, պանի΄ր բերին…

Հովիւները կաթ, մածուն, պանիր, կարա΄գ բերին…

Հովիւները կաթ, մածուն, պանիր, կարագ, բո΄ւրդ բերին…

Հովիւները կաթ, մածուն, պանիր, կարագ, բո՛ւրդ բերին… ե՜ւ…
սրի΄նգ նուագեցին…

Րուրի րուրի՜…
Րուրուրի րուրուրի՜…

Արեւ լուսին աստղ…
Արեւ լուսին լուսաստղ…

աւելին

Սանդուխ՝

Այլ նիւթեր՝

Զարդիս մատենաշար

Գորալին

Մանկապատանեկան վիպակ

Պուրակ

Կայքէջ

Ընդառաջում

Արձակներ

Քառակուսիէն դուրս

Մանկական գրքոյկ