մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Աչքդ գոցէ բաց

Աչքդ գոցէ, աչքդ բաց,
այս օրը անցաւ գնաց…
Աչքդ գոցէ, աչքդ բաց,
այս շաբաթը անցաւ գնաց…
Աչքդ գոցէ, աչքդ բաց,
այս ամիսը անցաւ գնաց…
Աչքդ գոցէ, աչքդ բաց,
այս տարին անցաւ գնաց…

Այս տարին անցաւ,
իսկ մեր տղան մեծցաւ…
Մեր տղան մեծցաւ,
իսկ տաբատը կարճցաւ…
Տաբատը կարճցաւ,
իսկ շապիկը նեղցաւ…
Շապիկը նեղցաւ,
իսկ կոճակը փրթաւ, չը՛րթ…

Աչքդ գոցէ, աչքդ բաց,
այս օրը անցաւ գնաց…
Աչքդ գոցէ, աչքդ բաց,
այս շաբաթը անցաւ գնաց…
Աչքդ գոցէ, աչքդ բաց,
այս ամիսը անցաւ գնաց…
Աչքդ գոցէ, աչքդ բաց,
այս տարին անցաւ գնաց…

Այս տարին անցաւ,
իսկ մեր աղջիկը մեծցաւ…
Մեր աղջիկը մեծցաւ,
իսկ փոթ փոթ փէշը կարճցաւ…
Փոթ փոթ փէշը կարճցաւ,
իսկ հագուստը նեղցաւ…
Հագուստը նեղցաւ,
իսկ ակռան փրթաւ, չը՛րթ…

Ակռա՞ն, թէ կոճակը…

Իսկ ակռան փրթաւ, չը՛րթ…

աւելին

Սանդուխ՝

Այլ նիւթեր՝

Արաս

Հիփփօ

Մատենագրութեան թուանշային գրադարան

Յակոբ Օշականի ամբողջական գործերը

Վիպումներ

Փիլիսոփայական

Արեւմտահայերէնի քերականութիւն – Բ.

Լեզուաբանական ուսումնասիրութիւն