մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Ագռաւին պանիրը

Ագռաւ է, ագռաւ է,
սեւ է, կաղ է,
բաղաձայն է՝ ղա ղա…
Սեւ է, կաղ է,
բաղաձայն է՝ ղա ղա…

Սեւ ագռաւը
պանիր գտաւ,
ծառին ճիղին
թառեցաւ…

Խորամանկ աղուէսը մօտեցաւ,
ագռաւին նայեցաւ ու ըսաւ…

– Ագռաւիկ, ագռաւիկ,
    անուշիկ, անուշիկ,
    երգ մը կ’երգե՞ս, սիրունիկ…

Սեւ ագռաւը ուրախացաւ,
կտուցը բացաւ՝ ղա, ղա, ղա՜…

Ե՜ւ…
Կտուցէն ինկաւ պանիրը,
մտաւ աղուէսին փորիկը…

Խեղճ ագռաւիկ,
սուտ աղուէսիկ…
Խեղճ ագռաւիկ,
գող աղուէսիկ…

Պոչը ծաղիկ է,
միտքը՝ ծուռ…
Պոչը ծաղիկ է,
միտքը՝ ծուռ…

աւելին

Սանդուխ՝

Այլ նիւթեր՝

Հայրենի աղբիւր

Երդիք

Ակուլ Տուկուլ

Րուրի

Սփիւռք մատենաշար

Վարձու սենեակ

Պատմուածքներ