մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Ալին զալին տայ

Հովը ծովը,
ոսկի արեւը,
մանր աւազը,
ալին զալին տայ,
ալին զալին տայ…

Ծովուն վրայ նաւ մը կայ…
Նաւը կայմը առագաստը,
հովը ծովը,
ոսկի արեւը,
մանր աւազը,
ալին զալին տայ,
ալին զալին տայ…

Կայմին վրայ թռչուն մը կայ՝
կուրծքը ճերմակ,
թեւերը սեւ,
իսկ պոչիկը մկրատաձեւ…

Ծիծեռնակը՝
նաւը կայմը առագաստը,
հովը ծովը,
ոսկի արեւը,
մանր աւազը,
ալին զալին տայ,
ալին զալին տայ…

Կտուցին մէջ շիւղ մը կայ…
Շիւղը, ճիւղը,
կանանչ տերեւը,
նոր ծաղիկը,
սիրուն գարունը,
ալին զալին տայ,
ալին զալին տայ…

Ծիծեռնակով գարուն կու գայ,
առանց ծիծեռնակի գարուն չկայ…

Ծիծեռնակով գարուն կու գայ,
առանց ծիծեռնակի գարուն չկայ…

աւելին

Սանդուխ՝

Այլ նիւթեր՝

Սփիւռք մատենաշար

Կը հրաժարիմ հայութենէ

Վէպ

Հայկական համացանցային համալսարան

Առցանց դասերու հարթակ
Մատենագրութեան թուանշային գրադարան

Յակոբ Օշականի ամբողջական գործերը

Զարդիս ստեղծարար գրագիտութիւն