մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Թափ թափ

Չըլը՛փ…

Ի՞նչ եղաւ,
ինչպէ՞ս եղաւ,
մեղուն ինկաւ
կաթով լեցուն
կճուճին մէջը…

Ի՞նչ ընէր,
ինչպէ՞ս ընէր,
կաթով լեցուն
կճուճին մէջէն
ինչպէ՞ս ելլէր…

Մեղուն թեւերը
թափ թափ, թափահարեց,
թափ թափ, թափահարեց…

Մեղուն թեւերով
թափ թափ, կաթը հարեց,
թափ թափ, կաթը հարեց,
թափ թափ, կարա՛գ հանեց…

Մեղուն ելաւ
կարագին վրայ
եւ… թըռ թռա՜ւ,
շի՛փ շիտակ
դէպի փեթակ…

աւելին

Սանդուխ՝

Այլ նիւթեր՝

Սփիւռք մատենաշար

Յակոբներ

Վէպ

Ձեռք ձեռքի

Մանկապարտէզի ծրագիր

Այն օրը, երբ…

Մանկապատանեկան վիպակ