մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Հոտած գուլպան

Երկուշաբթի՝
որո՞ւն գուլպան կը հոտի…

Երեքշաբթի՝
հոտէն քիթս կը փրթի…

Չորեքշաբթի՝
մնացի առանց քիթի…

Հինգշաբթի՝
փրթած քիթս թուքով փակցուցի…

Ուրբաթ՝
վա՛յ,
փրթած քիթս թուքով սխալ փակցուցի…

Շաբաթ՝
թուքով սխալ փակած,
փրթած քիթս կը ծռի…

Կիրակի՝
գուլպադ փոխէ,
թուքով սխալ փակած,
փրթած, ծուռ քիթս նորէն չփրթի…

աւելին

Սանդուխ՝

Այլ նիւթեր՝

Զարդիս մատենաշար

Հաւկիթ գնելու ճամբուս վրայ

Մանկապատանեկան վիպակ

Զար զընգը

Մանկապատանեկան վիպակ

Տեսութիւն Ս. Փարաճանովի

Փորձագրութիւն

Մէջ ընդ մէջ

Փորձագրութիւն