մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Երկու տնկի

Պարտէզին մէջ
երկու տնկի
տնկեցի…

Պարտէզին մէջ
երկու տնկի
տնկեցի եւ ջրեցի…

Պարտէզին մէջ
երկու տնկի
տնկեցի, ջրեցի
եւ տասը տարի
սպասեցի…

Պարտէզին մէջ
երկու տնկի
տնկեցի, ջրեցի,
տասը տարի սպասեցի
եւ
մէկը դարձաւ թմբի՛,
միւսը դարձաւ թխկի՛…

Պարտէզին մէջ
ես թմբի,
դուն թխկի…

Պարտէզին մէջ
դուն թմբի,
ես թխկի…

աւելին

Սանդուխ՝

Այլ նիւթեր՝

Զարդիս մատենաշար

Օ՜, ինչ աղուոր է եղեր Փանաման

Մանկապատանեկան վիպակ

Հոյամողէզներու սրահի շրջապտոյտ

Զարդիս մատենաշար

Մանկապատանեկան մատենաշար

Սփիւռք մատենաշար