Հինգ զոյգ գուլպայ,
տասը հատ հոտած գուլպայ,
լուացքի օրը,
լուացքին հետ
մտան լուացքի մեքենայ…
Հինգ զոյգ գուլպայ,
տասը հատ հոտած գուլպայ,
օճառուեցան, լուացուեցան,
մաքո՜ւր մաքուր,
մա՛ս մաքուր
մեքենայէն ելան…
Վա՛յ, ի՛նը հատ գուլպայ…
Զո՞յգ է, կե՞նտ է…
Զոյգ չէ, կե՛նտ է…
Մէկ գուլպան ո՞ւր է…
Չորս զոյգ գուլպայ,
ութ հատ հոտած գուլպայ,
լուացքի օրը,
լուացքին հետ
մտան լուացքի մեքենայ…
Չորս զոյգ գուլպայ,
ութ հատ հոտած գուլպայ,
օճառուեցան, լուացուեցան,
մաքո՜ւր մաքուր,
մա՛ս մաքուր
մեքենայէն ելան…
Վա՛յ, եօ՛թը հատ գուլպայ…
Զո՞յգ է, կե՞նտ է…
Զոյգ չէ, կե՛նտ է…
Մէկ գուլպան ո՞ւր է…
Երեք զոյգ գուլպայ,
վեց հատ հոտած գուլպայ,
լուացքի օրը,
լուացքին հետ
մտան լուացքի մեքենայ…
Երեք զոյգ գուլպայ,
վեց հատ հոտած գուլպայ,
օճառուեցան, լուացուեցան,
մաքո՜ւր մաքուր,
մա՛ս մաքուր
մեքենայէն ելան…
Վա՛յ, հի՛նգ հատ գուլպայ…
Զո՞յգ է, կե՞նտ է…
Զոյգ չէ, կե՛նտ է…
Մէկ գուլպան ո՞ւր է…
Երկու զոյգ գուլպայ,
չորս հատ հոտած գուլպայ,
լուացքի օրը,
լուացքին հետ
մտան լուացքի մեքենայ…
Երկու զոյգ գուլպայ,
չորս հատ հոտած գուլպայ,
օճառուեցան, լուացուեցան,
մաքո՜ւր մաքուր,
մա՛ս մաքուր
մեքենայէն ելան…
Վա՛յ, երե՛ք հատ գուլպայ…
Զո՞յգ է, կե՞նտ է…
Զոյգ չէ, կե՛նտ է…
Մէկ գուլպան ո՞ւր է…
Այս խաղը
թող վերջանայ,
եթէ ոչ,
հայրիկը
առանց գուլպայի պիտի մնայ…
Զո՞յգ է, կե՞նտ է…
Զոյգ չէ, կե՛նտ է…
Հայրիկը բոպիկ է…
Զո՞յգ է, կե՞նտ է…
Զոյգ չէ, կե՛նտ է…
Լուացքի մեքենան գուլպա՛յ կ՚ուտէ…