մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Խաչ խուչ

Կիրակի օր մը՝
մայրամուտին,
պզտիկ խեչափառը
կապոյտ ծովուն եզերքը,
քալե՜ց, քալե՜ց առանձին…

Ինչո՞ւ առանձին,
ընկեր չունի՞…

Երկուշաբթի օր՝
մայրամուտին,
երկու խեչափառները
կապոյտ ծովուն եզերքը,
ուրախ զուարթ քալեցին
երկու ընկեր միասին…

Ինչո՞ւ երկու…
Հապա քանի՞…
Թող ըլլայ երեք…

Երեքշաբթի օր՝
մայրամուտին,
երեք խեչափառները
կապոյտ ծովուն եզերքը,
ուրախ զուարթ քալեցին
երեք ընկեր միասին…

Ինչո՞ւ երեք…
Հապա քանի՞…
Թող ըլլայ չորս…

Չորեքշաբթի օր՝
մայրամուտին,
չորս խեչափառները
կապոյտ ծովուն եզերքը,
ուրախ զուարթ քալեցին
չորս ընկեր միասին…

Ինչո՞ւ չորս…
Հապա քանի՞…
Թող ըլլայ հինգ…

Հինգշաբթի օր՝
մայրամուտին,
հինգ խեչափառները
կապոյտ ծովուն եզերքը,
ուրախ զուարթ քալեցին
հինգ ընկեր միասին…

Ինչո՞ւ հինգ…
Հապա քանի՞…
Թող ըլլայ վեց…

Ուրբաթ օր՝
մայրամուտին
վեց խեչափառները
կապոյտ ծովուն եզերքը,
ուրախ զուարթ քալեցին,
վեց ընկեր միասին…

Ինչո՞ւ վեց…
Հապա քանի՞…
Թող ըլլայ եօթը…

Շաբաթ օր՝
մայրամուտին,
եօթը խեչափառները
կապոյտ ծովուն եզերքը,
ուրախ զուարթ քալեցին,
եօթը ընկեր միասին…

Եւ…
Կիրակի օր՝
մայրամուտին,
եօթը խեչափառները
կապոյտ ծովուն եզերքը,
ուրախ զուարթ պարեցին
եօթը ընկեր միասին…
Խաչ, խուչ, խեչ, պար,
խաչ, խուչ, խեչափառ…

Չորս քայլ դէպի աջ…
Խաչ, խուչ, խեչ, պար,
խաչ, խուչ, խեչափառ…

Չորս քայլ դէպի աջ,
չորս քայլ դէպի ձախ…
Խաչ, խուչ, խեչ, պար,
խաչ, խուչ, խեչափառ…

Չորս քայլ դէպի աջ,
չորս քայլ դէպի ձախ,
աջ ձախ, ձախ աջ,
սակայն
ո՛չ մէկ քայլ
դէպի առաջ…
Խաչ, խուչ, խեչ, պար,
խաչ, խուչ, խեչափառ…

աւելին

Սանդուխ՝

Այլ նիւթեր՝

Հայերէնի գիրքս

Յուշամատեան

Երաժշտական արխիւ

Հայբոտ

Լկրտածը

Վէպ