մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Երկու սկիւռ

Այն ո՞վ  է…
Ճիւղէ ճիւղ կը ցատկէ,
կը ցատկռտէ,
կաղին, ընկոյզ կը հաւաքէ…

Երկու սկիւռ միասին,
աշնան երրորդ հինգշաբթին
հաւաքեցին շատ կաղին…

Մէկ կաղին,
տասը կաղին,
մատիկներով համրեցին,
հազար կաղին հաշուեցին…

Երկու սկիւռ միասին
ծակը ծուկը անտառին,
կաղինները պահեցին…

Հոկտեմբեր,
նոյեմբեր,
դեկտեմբեր,
եկաւ ցո՜ւրտ ձմեռ…

Երկու սկիւռ միասին
ձմեռը ցուրտին ու փուքին,
կաղին ուտել ուզեցին…

Փնտռեցին,
փնտռտեցին,
անտառը իրար անցուցին,
գտան ոչ մէկ կաղին…

Այն ո՞վ է…
Ճիւղէ ճիւղ կը ցատկէ,
կը ցատկռտէ,
կաղին, ընկոյզ
կը հաւաքէ ու կը պահէ,
կը պահէ ու կը մոռնայ,
ո՞ւր պահած է,
ի՞նչ պահած է՝
փնտռածը արդեօք ի՞նչ է…

աւելին

Սանդուխ՝

Այլ նիւթեր՝

Պատկեր, պատում, պատմութիւն – հատոր 1

Փիլիսոփայական

Բարեւ կրիայ

Մանկական գրքոյկ

Պարոն Նիկողոս

Մանկապատանեկան վիպակ

Արեւ լուսին ժապաւէն

Գրել-կարդալը հաճոյքով իւրացնելու ծրագիր