մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Ուրբաթագիրք

Կար ու չկար,
տանիքը ծուռ
տնակ մը կար…
Տնակին մէջ,
խոշոր քիթով
վհուկ մը կար…

Ամբողջ օրը կը խռկար,
իսկ գիշերը կը խենթանար…

Վհուկ մըն էր կուզիկ մուզիկ,
ունէր կատու մը
եւ ագռաւ մը,
երկուքն ալ սեւուլիկ…

Կատուն խուլ էր,
ագռաւը՝ կաղ,
իսկ վհուկին խոշոր քիթը
մազոտ կզակին կը հասնէր…

Քիթին ծայրը բշտի΄կ մը կար,
ամեն ուրբաթ կը մեծնար…
Խուլ կատուն
կը զարմանար՝ միաո՜ւ,
կաղ ագռաւն ալ
տանիքին վրայ
կ’երթար կու գար,
կը կռկռար՝

– Կռա՛ւ, կռա՛ւ, ուռեցաւ…
Կռա΄ւ, կռա΄ւ, ուռեցաւ…

Քիթին ծայրը ուռած բշտիկ,
վհուկ մըն էր կուզիկ մուզիկ,
ունէր
խո΄ւլ կատու մը,
կա΄ղ ագռաւ մը
եւ անշո΄ւշտ
երկա՜ր կոթով
ցախաւել մը…

Ամեն ուրբաթ՝
կէս գիշերին,
կոթը երկար
ցախաւելով
կը թռէ՜ր…
Խուլ կատուն
կը զարմանար, միաո՜ւ,
կաղ ագռաւն ալ
տանիքին վրայ
կ’երթար կու գար,
կը կռկռար`

– Կռա΄ւ, կռա΄ւ… թռա΄ւ, թռա΄ւ…
Կռա΄ւ, կռա΄ւ… թռա΄ւ, թռա΄ւ…

Ուրբա΄թ էր,
կէս գիշեր,
ցախաւելով կը թռէ՜ր,
խոշոր քիթով կը հոտոտէր,
ուռած բշտիկով
փոշոտ տուները կը փնտռէր
եւ անշո΄ւշտ կը գտնէր…

Տանիքներուն վրայ
կը ցատկռտէր
ու խռպոտ ձայնով կը կանչէր՝

– Աւլեմ թափեմ փոշին, աւելցնեմ փոշին…

Ուշադրութի՛ւն,
ամեն ուրբաթ
սենեակդ կոկէ,
փոշին մաքրէ,
եթէ ոչ,
աւլող թափող,
կուզ վհուկը
կէս գիշերին, ձեր տանիքէն
խռպոտ ձայնով կը վախցնէ՜…

– Աւլեմ թափեմ փոշին, աւելցնեմ փոշին…

Եթէ կ’ուզես
ամեն ուրբաթ
գլուխդ հանգի՜ստ բարձին դնել,
անո՜ւշ անուշ երազել,
ուրեմն`
ձախ ձեռքիդ բթամատը փնտռէ.
ո΄չ ցուցամատը,
բո΄ւթ մատը.
լեզուովդ թրջէ,
քիթիդ փակցուր,
աջ ձեռքդ բարձրացուր
ու խօսք տուր`

– Կը խոստանամ
կոկի΄կ ըլլալ,
փնթի, թափթփած չըլլա΄լ:

Ուրեմն
անո՜ւշ քուն, ոսկի΄ երազ
ամեն ուրբաթ…

աւելին

Սանդուխ՝

Այլ նիւթեր՝

Բարի եկար Նուրին

Պատառիկներ

Մանկական ձայներիզներու շարք

Մերինները

Պատում
Զարդիս մատենաշար

Ռազմաձի

Վէպ