Աջ գրպանս
լե՛փ լեցուն
լեպլեպու,
ձախ գրպանս
պա՛ս պարապ,
պարապ սարապ…
Երկինքը՝
ամպ զամպ,
մո՜ւս մութ,
գնա՛ եկուր
ծուռ մուռ,
սուս փուս,
շի՛փ շիտակ,
մի՛ս մինակ…
Աջ կօշիկս
մա՛ս մաքուր,
փա՛ս փայլուն,
ձախ կօշիկս
ա՛փ աղտոտ,
ափս աղտոտ…
Ափ ծափ,
ափ ծափ ծափ,
այս բոլորը՝
ափեղ ցփեղ,
չափազանցութիւն…
չէ՛…
չափազանցութիւն…
չէ՛…
չափազանցութի՛ւն…