մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Եօթը Ընկեր

Գետնառիւծը
մողէզին ընկերն էր՝
մտերի՜մ ընկերը,
սակայն գետնառիւծը
մի՛շտ իր գոյնը կը փոխէր…

Երբեմն կանանչ էր՝
տերեւին պէս կանանչ,
երբեմն կապոյտ՝
երկինքին պէս կապոյտ…

Երբ բարկանար
կարմիր կը դառնար,
իսկ երբ զարմանար՝
նարնջագոյն…

Երբ վախնար
դեղին կը դառնար,
իսկ երբ ամչնար՝
մանիշակագոյն…

Գետնառիւծը
մողէզին ընկերն էր,
մտերի՜մ ընկերը,
իսկ մողէզը երջանիկ էր,
կը կարծէր՝
թէ եօթը հատ ընկեր ունէր…

Բախտաւոր էր,
եօթը հատ ընկեր ունէր…

աւելին

Սանդուխ՝

Այլ նիւթեր՝

Ընթերցումին ընդերքը

Փորձագրութիւն

Արեւ լուսին ժապաւէն

Գրել-կարդալը հաճոյքով իւրացնելու ծրագիր
Սփիւռք մատենաշար

Կը հրաժարիմ հայութենէ

Վէպ

Արդի տառատեսակ

Տառատեսակ