Քար քարի վրայ շարեցի,
մատուռ մը շինեցի,
վրան գմբեթ մը տեղաւորեցի,
ականջս դրան մօտեցուցի,
սուսիկ փուսիկ
պատարագը մտիկ ըրի…
Երբ պատարագը վերջացաւ,
մատուռին դուռը բացուեցաւ,
վարդապետը դուրս ելաւ,
երկար մօրուքը շարժեց
ու ըսաւ՝
– Մոմ վառեցի՞ր այս կիրակի…