մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Ծառը ծակը

Ծակ, ծակ,
ծա՛կ, ծա՛կ, ծա՛կ…

Անտառին մէջ
այն ո՞վ է,
բոլոր ծառերը
կը ծակծկէ…

Ծակ, ծակ,
հազարումէկ ծակ…

Անտառին մէջ
փայտփորիկն է,
երկար կտուցով
բոլո՜ր ծառերը
կը ծակծկէ…

Ծակը, ծակը, ծակը, ծակը,
ծառը՝
ծակը, ծակը, ծակը,
ծառը՝
ծակը, ծակը, ծակը,
ծառը ծակը, ծառը ծակը,
ծառը՝
ծակը…

Կը ծակծկէ՞,
թէ կը նուագէ…

աւելին

Սանդուխ՝

Այլ նիւթեր՝

Բնապահպանութիւն

Բնապահպանական միաւորներու շարք

Յառաջ օրաթերթ

Մամուլի թուային արխիւ

ՀայՍփէլ

Զարդիս ստեղծարար գրագիտութիւն