մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Ստեպղինը

Նապաստակը
եւ ձիւնամարդը
ընկերներ էին,
մտերի՜մ ընկերներ…

Նապաստակը
ձիւնամարդուն շուրջը
հո՛փ, հո՛փ կը ցատկէր,
հո՛փ, հո՛փ, հո՛փ կը ցատկռտէր,
իսկ ձիւնամարդը
լո՜ւռ ու անշարժ կը ժպտէ՜ր…

Արեւոտ առաւօտ մը՝
նապաստակը երբ իր ծակէն դուրս ելաւ,
ապշեցա՜ւ՝ աա՜… զարմացա՜ւ՝ օօօ՜…
Աջ դարձաւ, ձախ դարձաւ,
մտերիմ ընկերը չգտաւ…

Տարօրինակ էր,
ձիւնամարդը իր տեղէն
բնա՛ւ չէր շարժեր…
Արդեօք ո՞ւր գացեր էր…

Նապաստակը ուրկէ՞ գիտնար,
նամակ չկա՛ր,
միայն գետինը
ստեպղի՛ն մը կար…

Շա՜տ յուզուեցաւ…
Ստեպղինը առաւ,
հոտոտե՜ց, հոտոտե՜ց
ու սրտիկին ամո՛ւր սեղմեց…

Այդ օրուընէ,
նապաստակը ամեն օր,
իր մտերիմ ընկերը յիշելով,
ստեպղին մը կը կրծէ
խը՛րթ, խը՛րթ ախորժակով…

աւելին

Սանդուխ՝

Այլ նիւթեր՝

Մէջ ընդ մէջ

Փորձագրութիւն

Արեւ լուսին ժապաւէն

Գրել-կարդալը հաճոյքով իւրացնելու ծրագիր
Սփիւռք մատենաշար

Հայ աղբրտիք

Արձակ ժողովածու

Զարդիս ստեղծարար գրագիտութիւն