մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Թռչնագիր

Գլխուն վրայ
վեղար մը,
վեղարին վրայ
թռչուննե՜ր…

Տասը, քսան, երեսուն,
երեսունվեց թռչուն,
թռվռա՜ն, թռվռո՜ւն,
թռվռա՜ն, թռվռո՜ւն…

Աքլոր, հաւ, հնդկահաւ,
աքլոր, հաւ, խայտահաւ,
միրհաւ, մեղրահաւ,
մինինիկ մեղրահաւ…

Բադ, սագ, կարապ,
բադ, սագ, սիրամարգ,
կարապը ձիւնազարդ,
սիրամարգը գեղազարդ…

Սոխակ, սարեակ, թութակ,
սոխակ, սարեակ, կաչաղակ,
կռունկ, արագիլ, ծիծեռնակ,
կռունկ, արագիլ, ծի՛ւ ծի՛ւ ծի՛ւ ծիծեռնակ…

Ծառին ճիւղին
ճնճղուկ, կարմրալանջ, դեղձանիկ,
դե՛փ դեղին դեղձանիկ,
կարմիր լանջով արշալուսի՜կ…

Վանքին վրան,
գմբեթին՝ աղունակ,
սուրբ խաչին՝ տատրակ,
ղո՜ւ ղո՜ւ ղո՜ւ պատարագ…
 
Դաշտերուն մէջ
կաքաւիկ, լորիկ, արտուտիկ,
սիրունիկ կաքաւիկ, սիրաւոր լորիկ,
ուտիկ կուտիկ արտուտիկ, ա՛ռ կուտիկ…
 
Անտառին մէջ՝
յոպոպ, բո՜ւ, փայտփորիկ,
յոպոպ, բո՜ւ,
թաքա թաքա թաք փայտփորիկ…
 
Ամպերուն տակ
արքա՛յ արծիւ, քա՛ջ բազէ
եւ ուրո՜ւր, ո՜ւր, ո՜ւր,
եւ ուրո՜ւր, ո՜ւր, ո՜ւր…
 
Կռա՛ւ, կռա՛ւ, սեւ ագռաւ,
վիզը մանգաղ անգղ,
գլուխը չի՛ք…
ջայլա՛մ…
 
Տակաւին՝ երկո՛ւ թռչուն,
մէկը կրա՛կ, միւսը բամպա՛կ,
մէկը կրա՛կ, միւսը բամպա՛կ…
Փիւնիկ, հրեշտա՜կ…
 
Տասը, քսան, երեսուն,
երեսունվեց թռչուն,
թռվռա՜ն, թռվռո՜ւն,
վարդապետին գիրերուն
սուսիկ փուսիկ թառեցան,
շողշողո՜ւն, պսպղո՜ւն
թռչնագիրեր դարձան…

աւելին

Սանդուխ՝

Այլ նիւթեր՝

Զարդիս մատենաշար

Գորալին

Մանկապատանեկան վիպակ

Ղազարաւան

Պատմուածք

Նաթիւր մորթ եւ շարժում

Տեսերիզ

Գերիշխան տիրակալութիւնը եւ մերկ կեանքը

Փիլիսոփայական