մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Մսուրը

Կար ու չկար
ախոռ մը կար,
ախոռին մէջ
յարդով լեցուն
մսո՛ւր մը կար…

Իշուկը կը զռար՝
ի աա՜,
յարդով մսուրը
ի՛րն էր,
իսկ կովուկը կը բառաչէր՝
մուո՜ւ,
համաձայն չէ՛ր,
յարդով մսուրը
ի՛րն էր…

Կար ու չկար
ախոռ մը կար,
ախոռին մէջ
անվերջ կռիւ կար…

Գիշեր մը
երկու այցելուներ՝
այր ու կին
ախոռին դռնակը հրեցին
ու անշշուկ
նե՛րս մտան…

Իշուկն ու կովուկը
զարմացա՜ն,
գիշերով հիւրե՛ր ունէին…
Շատ չանցած
նորածի՛ն մը յայտնուեցաւ,
ախոռին հիւրերը
երե՛ք դարձան…

Իշուկն ու կովուկը
յուզուեցա՜ն…
իրարու նայեցան,
ապա միասին,
իրենց դունչերով,
յարդով մսուրը
դէպի հիւրերը հրեցին,
որ հրեշտակի նման մաման,
նորածինը
մսուրին մէջ
յուշի՜կ յուշիկ օրօրէ,
մշի՜կ մշիկ քնացնէ…

Կար ու չկար
ախոռ մը կար,
ախոռին մէջ
մսո՛ւր մը կար,
իսկ մսուրին մէջ
երկինքէն ինկած
հրա՛շք մը կար…

Երանի՜ ձեզի
իշուկ եւ կովուկ,
լոյս Մանուկը
ձեր մսուրին մէջ
օրօրեցին…

Երանի՜ ձեզի
իշուկ եւ կովուկ,
Մանուկին լուսաստղը
ձեր ախոռին վրայ
կախեցին…

աւելին

Սանդուխ՝

Այլ նիւթեր՝

Արաս

Հրատարակչատուն

ՀայՍփէլ

Նարնիայի Քրոնիկները

Պատանեկան վիպաշարք
Զարդիս մատենաշար

Օ՜, ինչ աղուոր է եղեր Փանաման

Մանկապատանեկան վիպակ