մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Արմաւենի ձիթենի

Թաթիկ, թաթիկ, ա՛ջ թաթիկ,
մէջը պարտէզ ու տնկի…
Թաթիկ, թաթիկ, ձա՛խ թաթիկ
մէջը պարտէզ ու տնկի…

Աջ թաթիկէն՝ արմաւենի,
ձախ թաթիկէն՝ ձիթենի…
Աջ թաթիկէն՝ արմաւենի,
ձախ թաթիկէն՝ ձիթենի…

Արմաւենի, ձիթենի,
Ծառզարդար է այս կիրակի…
Արմաւենի, ձիթենի,
Ծաղկազարդ է այս կիրակի…

Արմաւենի, ձիթենի,
Ծաղկեպսակ ո՞վ ունի…
Արմաւենի, ձիթենի,
Ծաղկեպսակ Շուշիկը ունի՜…

Արմաւենի, ձիթենի,
Ծառզարդար է այս կիրակի…
Արմաւենի, ձիթենի,
Ծաղկազարդ է այս կիրակի…

Արմաւենի, ձիթենի,
Ծաղկեպսակ ո՞վ ունի…
Արմաւենի, ձիթենի,
Ծաղկեպսակ Նուշիկը ունի՜…

յ․գ․

Երբ երեխան կը կրկնէ՝
թաթիկ, թաթիկ, աջ թաթիկ,
մէջը պարտէզ ու տնկի,
ձախ ձեռքին ցուցամատը,
կլոր կլոր, պէտք է պտտցնէ
աջ ափին մէջ…

Իսկ երբ կը կրկնէ՝
թաթիկ, թաթիկ, ձախ թաթիկ
մէջը պարտէզ ու տնկի,
աջ ձեռքին ցուցամատը,
կլոր կլոր, պէտք է պտտցնէ
ձախ ափին մէջ…

աւելին

Սանդուխ՝

Այլ նիւթեր՝

Սուփըր հերոսները կը մեռնին ամրան

Պատմուածքներ

Իրագիտութիւն

Գիտական դասագիրքերու շարք

Րուրի

Գիտութիւն

Գիտութեան դասագիրքեր