մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Գաթահարսիկ

Ալիւրի պարկէն ելեր է,
լուսափայլ գոգնոցը կապեր է,
մեզի գաթայ թխեր է…

Գաթահարսիկ, խմորէ թաթիկ,
ալիւրի պարկէն մեզի բարիք…
 
Ալիւրի պարկէն ելեր է,
լուսափայլ գոգնոցը կապեր է,
ձեզի գաթայ թխեր է…

Գաթահարսիկ, խմորէ թաթիկ,
ալիւրի պարկէն ձեզի բարիք…

Ալիւրի պարկէն ելեր է,
լուսափայլ գոգնոցը կապեր է,
բոլորին գաթայ թխեր է…

Գաթահարսիկ, խմորէ թաթիկ,
ալիւրի պարկէն բոլորին բարիք…

աւելին

Սանդուխ՝

Այլ նիւթեր՝

Զարդիս ստեղծարար գրագիտութիւն

Սփիւռք մատենաշար

Անջրպետի մը գրաւումը

Բանաստեղծութիւններ

Շրջում

Վէպ

Փթիթ